Ուրուկուէի Մէջ Սեպտետմբեր Ամիսը Նուիրուած Է Աստուածաշունչի` ''Աստուծոյ Խօսքին''։
Մէկ սեպտեմբերին Ուրուկուէյի մէջ սկիզբ առաւ ''Ս. Գիրքի ամիսը'' , որուն ընթացքին Աստուածաչունչի
պատասխանատու յանձանախումբը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ընդունելու, ապրելու ու ճանչցնելու
Աստուծոյ խօսքը։ Տօնախմբութիւնը կ'եզրափակուի 30 սեպտեմբերին ս. Հերորոնիմոսի տօնին օրը։
Ան եղած է Ս. Գիրքի մեծ սիրահարը ու բոլոր կեանքին ընթացքին աշխատած է Աստուծոյ կամքին
համաձայն այնքան որ սերտելով ս. Գիրքը մեծագոյն թարգմանիչը հանդիսացաւ լատիներէն Աստուածաշունչին,
որ ճանչցուած է ''Վոլկադա'' անունով։ Այս առթիւ Ուրուկուէյի եկեղեցին յատուկ ծանուցագրեր
ու թղթիկներ կը տրամադրէ հաւատացեալներուն լաւագոյնս ճանչցնելու ու ծաւալելու Աստուծոյ
խօսքը։